2013-12-16 10:24:35

Զմմառ` Սուրբ Ծննդեան Տօնակատարութեանց Յայտագիր


Համայն Քրիստոնեայ Աշխարհի և Հայ ժողովուրդի համար, Ս. Ծննդեան և
Աստուածայայտնութեան տօները իւրայատուկ նշանակութիւն ունին: Քրիստոսի
Ծնունդը Աւետիսն է Սիրոյ, Խաղաղութեան և Արդարութեան: Այս առթիւ, Զմմառու
պատմական վանքին մէջ տեղի պիտի ունենան հետեւեալ հոգեպարար
արարողութիւնները.
• Երեքշաբթի, 17 և Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2013ի երեկոյեան ժամը 8:15ին,
Աւետարանական սերտողութիւններ պիտի կատարուին վանքի Մայր Տաճարին մէջ,
մասնակցութեամբ վանքիս հոգեւոր հայրերուն եւ դպրեվանքի ուսանողներուն:
Աւետարանական սերտողութեան նիւթ՝ Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը:
• Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2013ի երեկոյեան ժամը 6:00ին, Ս. Ծննդեան Տօնին
առթիւ, վանքի Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Պլպուլ» երգչախումբի
համերգը, ղեկավարութեամբ՝ Մաէսթրօ Մանուէլ Սրկ. Քէշիշեանի:
• Երեքշաբթի 24 Դեկտեմբեր 2013ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ս. Ծննդեան
Ճրագալոյցի առիթով, վանքիս Մայր Տաճարէն ներս պիտի կատարուի
մարգարէութեանց ընթերցումներ, ապա Ս. Պատարագ եւ Ս. Մսուրի օրհնութիւն:
• Չորեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2013ի առաւօտեան ժամը 8:00ին եւ 10:30ին, Ս.
Ծննդեան Տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի վանքիս Մայր
Տաճարին մէջ, որմէ ետք վանքիս դահլիճէն ներս պիտի ընդունուին
հաւատացեալներու շնորհաւորութիւնները:
Այսու գրով՝ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը կը հրաւիրենք ներկայ
գտնուելու Ս. Ծննդեան հանդիսութեանց, արժանանալով Ս. Ծննդեան Մեծ և
Սքանչելի Խորհուրդի Օրհնութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.